2014-07-05 10:50:52

Փութին խօսքը ուղղելով Օպամային ըսաւ` «Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգները յատուկ պատասխանատուութիւն կը կրեն աշխարհի վրայ կայունութեան աամար»։


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` դիմելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, Միացեալ Նահանգներու անկախութեան օրուան առիթով նշած է, որ Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգները` յատուկ պատասխանատուութիւն կը կրեն միջազգային կայունութիւնը ապահովելու գործին մէջ եւ պէտք է համագործակցին ի շահ ամբողջ աշխարհի:
Քրեմլինի հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Փութին նաեւ ընդգծած է, որ Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները` իբրեւ գերտէրութիւններ, որոնք յատուկ պատասխանատուութիւն կը կրեն միջազգային կայունութեան եւ անվտանգութեան համար, պէտք է համագործակցին ոչ միայն սեփական ժողովուրդներու, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի շահերէն մեկնելով»:








All the contents on this site are copyrighted ©.